2013-10-03 10:06:23

Սրբազան Քահանայապետի Իտալիա Կատարած Երրորդ Այցելութիւնը` Ասսիզի


Սրբազան Հօր 4 հոկտեմբերին Ասսիզի կատարած այցելութիւնը կը հանդիսանայ երրորդը Իտալիոյ։

Նորին Սրբութիւնը իր առաջին այցելութիւնը կատարեց Լամբետուզա կղզիին` 8 յուլիսին իսկ եկրորդը` անցեալ 22 սեպտեմբերին Սարտենիա։

Վատիկանի բանբեր` Յիսուսեան Հայր Լոմպարտին մամուլին հետ ունեցած մէկ ելոյթի ընթացքին յայտնեց որ հարիւրաւոր լրագրոներ, եկած աշխարհի զանազան վայրերէն, պիտի հետեւին ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ասսիզի կատարելիք այս յիշատակելի այցելութեան։ Ան ապա ընգծած է թէ ''Սրբազան Քահանայապետը` ֆրանչիսկոս անունը ընտրելով, դոշմը դրաւ իր քահանայապետութեան առաքելութեան, որ է` աղքատութիւն, խաղաղութիւն, սէր եւ արարչագործութեան պահպանում։Բոլոր շարժուձեւերով Նորին Սրբութիւնը դրականօրէն կը բացայայտէ տառապեալներուն հանդէպ մարմնով ու հոգիով մօտիկութիւն։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապաետը Քաջ Հովիւի օրինակին հետեւելով արիութեամբ պաշտպանեց խաղաղութեան դատը` ծոմ եւ հսկումի աղօթք կատարելով Սուրիոյ ու Միջին Արեւելքի համար, ցնցելով ընկերութեան ու հանրային կարծիքին խիղճը ։
Հայր Լոմպարտին ակնարկելով ապա Քահանայապետութեան առաջին շրջանին ըսաւ` ''մենք տակաւին կը գտնուինք քահանայապետութեան առաջին ամիսներուն, վստահ եմ որ Սրբազան Հայրը շատ բան ունի ըսելիք ու սորվեցնելիք''։
Հայր Լոմպարտին ակնարկեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու մասին եւ յատկապէս հեռուստատեսիլի մասին ընգծելով անոնց դերն ու կարեւորութիւնը ու մատնանշեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հաղորդական ոճին որ մեծ ազդեցութիւն ունի հանրութեան վրայ։ ''Ան հասկնալի ոճ ունի շնորհիւ գործածած պարզ բառերուն ու ինքնափուխ ժէսթերուն։ Ան կը փնտռէ ֆիզիքական շփումը տառապեալին հետ, ասիկա կը ցոլացնէ անոր պարզութիւնը ու հարազատ վկայութիւնը։ Ժողովուրդը ֆրանչիսկոս Քահանայապետի անձին մէջ կը գտնէ վկայութիւնը Աստուծոյ սիրոյ ապրումին'' - յայտնեց Վատիկանի Բանբերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.